2011-10-30 10:37:06

Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռային`ՄԱԿին Առջեւ Կը Ներկայանայ Որպէս Բանբերը Արեւելքի Քրիստոնեաներուն`Ընդգծելով Քրիստոնեաներուն Ներկայութեան Յոյժ Կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքին Մէջ։


ԱՄՆ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, 1-23 հոկտեմբեր, Մարոնիներու պատրիարքը՝ Պշարա Ռայի, 21 հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Գի Մունին հետ։ Խօսակցութեան նիւթը եղաւ Լիբանանու դերը, որպէս ''համակեցութեան ու հանրավարութեան տիպար'' արաբ աշխարհին մէջ։ Այս հանդիպումին ընթացքին Պատրիարք Ռային ՄԱԿէն խնդրեց որ ճանչնայ Լիբանանը որպէս ''չէզոք երկիր''։
Յուշագիրը կը ներփակէ երեք էական կէտեր` Լիբանանու ռազմավար դերը, պահպանումը Միջին Արեւլքի քրիստոնեաներու ներկայութեան եւ հարցադրանք շրջանի ապագայ քրիստոնեաներու մասին։
Արեւելքի քրիստոնեաները. ըսած է պատրիարքը, մեծապէս սատարած են ու կը շարունակեն սատարել արաբական աշխարհի մշակութային, ընկերային, տնտեսական ու ճարտարարուեստական զարթօնքին։ Հետեւաբար կարելի չէ նկատել քրիստոնեաները որպէս փոքրաթիւ հասարակութիւն մը, եթէ միջազգային հասարակութիւնը կ'ուզէ որ հանրավարութիւնը, ազատութիւնը ու մարդու իրաւունքը ամրապնդուի Արլեւելքին մէջ ՄԱԿը քրիստոնեաներու մէջ պիտի գտնէ իր լաւագոյն գործակիցները։ Քրիստոնեաները աւելի քան 2000 տարիէ հոն կ'ապրին, մահմետականներէն 600 տարի առաջ ըսաւ պատրիարքը։
Խօսելով ''արաբական գարնան մասին'' Մարոնիներու պատրիարքը ըսաւ. ՜՜մենք համամիտ ենք քաղաքական վերանորոգումին, հանրավարութեան ու կը դատապարտենք բոլոր բռնութիւնները՝՝։ Միաժամանակ ան յայտնեց հարկաւորութիւնը որ հսկողութեան տակ առնուի այսպէս ըսուած ''արաբական գարունը'' որպէսզի անիկա չփոխուի քաղաքացիական պատերազմի, ինչպէս էր Իրաքի պարագան։ Վարչակարգերու փոփոխութիւնը կարող է հետը բերել ծայռայեղներ, որոնք այլ պետութիւններէն ֆինանսաւորուած ու զինուած, կարող են իշխանութեան տէր դառնալ։
ՄԱԿին ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին հաստատեց պատրիարք Ռայիին խօսքը ըսելով որ Արեւելքի Եկեղեցին ու քրիստոնեաները մեծ դեր ունին կատարելիք։
Նշենք որ Մարոնիներու պատրիարք Ռաին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հովուական այցելութեան ընթացքին, 80 հազար մարոնի հաւատացեալներուն ու ամերիկացիներուն բացայայտեց հարկաւորութիւնը օգնելու քրիստոնեաներուն մնալու Միջին Արեւելքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.